2015-04-20 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Էլիօ Թոաֆ եղաւ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մարդ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի` 20 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը ու ապա ընդունեց Սլովենիոյ հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան` Տիար Թոմազ Քունսդելյին` հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց Կինէի եւ Մալիի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Սանթօ Կանճեմին եւ Կուաթեմալայի Սոլոլա-Չիմալդենանկօ թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Կոնազալօ տէ Վիլլա Ի Վասգէսը։

Ժամը 11-ին, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի Րաբունապետերու խորհուրդի 30 անդամներուն։ Յայտնենք որ այս հանդիպումը պատմական բնոյթ ունեցող հանդիպում կը համարուի որովհետեւ առաջին անգամն է որ Եւրոպայի Րաբունապետերը այցելութիւն կը կատարեն  Վատիկանը։

Այս առթիւ Սրբազան Պապը իր խօսքին մէջ ողջունեց Խորհուրդի Նախագահ Րաբբի Փինխաս Կոլտշմիտը։

Ապա Սրբազան Պապը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց երէկ երեկոյ մահացեալ Իտալիոյ նախկին Րաբունապետ Էլիօ Թոաֆֆի համար, որ եղած է երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մարդ մը։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հրէական համայնքի միջեւ երկխօսութիւնը յառաջդիմութիւն արձանագրած է վերջին յիսուն տարիներուն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յիշելով՝ որ յառաջիկայ հոկտեմբերի 28ին, պիտի կատարուի Վատիկանեան ժողովի “Nostra Aetate” յայտարարութեան յիսնամեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ, նկատեց՝ որ այսօր Եւրոպայի մէջ աւելի քան երբեք հարկաւոր է շեշտել մարդկային կեանքի հոգեւոր եւ կրօնական տարածքները՝ ընկերութեան մը մէջ, որ յարաճուն կերպով յատկանշուած է աշխարհիկութեան հոգիով եւ սպառնալիքի ենթակայ՝ անաստուածութեամբ։ Վտանգուած ենք ապրելու այնպէս՝ իբր թէ Աստուած գոյութիւն չունենար. ուր մարդ արարածը փորձութեան ենթակայ է՝ ինքզինք Աստուծոյ տեղ դնելու եւ ինքզինք նկատելու ամէն ինչի չափանիշը՝ կառավարելու ամէն ինչ եւ գործածելու ամէն ինչ իր կամքին համաձայն։ Մինչ ամէն ինչ Աստուծոյ պարգեւն է։

Հրեաներ եւ Քրիստոնեաներ օրհնութիւն ունին, սակայն նաեւ պատասխանատուութիւնը պահելու այսօրուան մարդուն եւ ընկերութեան հոգեւոր իմաստը, շեշտեց Սրբազան Պապը, եւ եզրափակեց պատգամը՝ մտահոգութիւն յայտնելով Եւրոպայի տարածքէն ներս երեւան եկած հակասեմական միտումներուն համար, եւ յորդորեց՝ որ  իւրաքանչիւր քրիստոնեայ զգուշանայ հակասեմական որեւէ ձեւէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.